Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ 17 Մարտ 2012ի երեկոյեան ժամը 8ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ աշուղական երգերու բացառիկ երեկոյ մը, նուիրուած մեծ աշուղին՝ Սայեաթ Նովայի ծննդեան 300ամեակին:
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին տիկինը եւ դեսպանատան անձնակազմէն անդամներ Շար.