Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգային «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանի յանձնախումբը կազմակերպեց «Արուեստի Օր» անուան տակ միօրեայ սեմինար` Արշիլ Կորքիի ծննդեան 120-ամեակին առիթով։
Սեմինարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 9 Օգոստոս, 2024-ին, հսկողութեամբ արուեստագէտներու` Զաւէն Պարտագճեանի, Վարդգէս Պարսումեանի եւ Սօսի Քէօշկէրեան-Պոյաճեանի։
Սեմինարին համախմբուեցան աւելի քան 25 արուեստասէրներ, որոնք օրուան ընթացքին գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ ձեռային աշխատանքներ կատարեցին ու արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ իրենց գիտելիքները հարստացուցին։
Նախաճաշի եւ ճաշի ընթացքին ալ մասնակիցները զրուցեցին արուեստի շուրջ։ Աւարտին մասնակիցները բարձր գնահատեցին սոյն սեմինարը եւ փափաք յայտնեցին որ միշտ կրկնուին նման ձեռնարկներ։