Եւրոպա
Ուրբաթ, 29 նոյեմբեր 2024-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Համազգայինը նշեց Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակը, նախաձեռնութեամբ Նարէ Թաթեւոսեանի, գործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան:
Երեկոն սկսաւ Փաթրիք Գազալի «Serguei Paradjanov,Le Rebelle» ֆիլմի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Նայիրի Գալստեանի զեկոյցը: Ան բացատրեց Ֆրանսացի շրջանակներու սերտ կապը Փարաճանովի հետ, մանաւանդ անոր բանտարկութեան շրջանին, նշեց տարուած աշխատանքը եւ կատարուած միջամտութիւնները, որպէսզի ան ազատ արձակուի: