
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիմասոլի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան՝ Ուրբաթ, 13 Փետրուարի 2026-ին, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը, «Սիրային Երգերու Երեկոն» իսկապէս յիշատակելի ու ջերմ մթնոլորտով անցաւ։
Սիրալիր ու համախմբուած միջավայրի մէջ բոլորս միասին վայելեցինք հրաշալի հայկական երաժշտութիւն։
Մեր սիրտերը լեցուեցան հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ, երբ բեմ բարձրացան Գիւմրիէն ժամանած սիրելի երգչուհի Լիանա Գրիգորեան, մասնակցութեամբ Էտկար Էւոյեանի եւ Գարիկ Մալխասեանի։
Անոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով մթնոլորտը դարձուցին աւելի ջերմ ու յուզիչ։
Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցողներուն՝ այս գեղեցիկ երեկոն անմոռանալի դարձնելու համար։
