
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը (Եութլինքս եուրոփ) սկսաւ Ուրբաթ, 3 Մայիս 2024-ին, Վենետիկի «Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոն»-ին մէջ: Հաւաքին կը մասնակցին Վիեննայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն 28 երիտասարդներ: Հաւաքին ներկայ է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Եւրոպայի եւ Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան։
Բացումը կատարուեցաւ Եութլինքսի պատասխանատու Արա Բարսեղեանի բարի գալուստի խօսքով: Ապա Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան ներկայացուց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրները՝ կեդրոնանալով յատկապէս Համազգայինի կրթաթոշակներու, երիտասարդական հաւաքներու, ծրագիրներու եւ մանկապատանեկան դաստիարակչական ծրագրներու վրայ:
Ապա «Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոն»-ի տնօրէն Մինաս Լուրեան ներկայացուց իտալահայ գաղութի պատմութիւնը, Վենետիկի մէջ հայկական կոթողներու, մշակութային արժէքներու եւ հարստութեան, ինչպէս նաեւ իր ղեկավարած կեդրոնի գործունէութեան մասին ներկայացում մը տուաւ երիտասարդներուն:
Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ Հայկական պարի աշխատանոցը, որուն դասախօսն էր Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեանը, որ հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ազգագրական զանազան շուրջպարեր սորվեցուց։ Պարի աշխատանոցէն ետք հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Վենետիկի «Ռիալթօ» կամուրջ։
Երեկոյեան Եութլինքսի երիտասարդները մասնակցեցան «Կոմիտաս քառեակ»-ի ելոյթին, որ նուիրուած էր Մխիթար աբբահայր Սեբաստացիի վախճանման 275-ամեակին:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք ընկերային ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ։