Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ի Կէսօրին, մասնակցութեամբ մտաւորական խաւին, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մշակոյթի գործիչներու, գումարուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակին անդրադարձող խորհրդաժողով մը։
Վերջին եղելութիւններու մթնոլորտը ներկայացնող լուսանկարները խորապէս տպաւորեցին ներկաները։ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արտօ Համբարձումեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ խորհրդաժողովի բովանդակալից կէտերուն, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը արտասանելու իր խօսքը. ան ողջունեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, որ գիտակցութեամբ եւ քաջարի կեցուածքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Զրուցավար Գօգօ Տունկեան գնահատանքի արտայայտութիւնը փոխանցեց յանդուգն ու նպատակասլաց հաւաքին մասին, ապա ընթերցեց Միացեալ Նահանգներէն հասած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Ժամագործեանի կողմէ ուղարկուած խօսքը. «Յանուն Կեդրոնական Վարչութեան ժողովական ընկերներու ամենահարազատ զգացումներուն, կը յայտնեմ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ձեր պահպանած մշակութային, մտաւոր, ազգային դիրքորոշումներուն, թարգմանը հանդիսանալով Համազգայինի Համագաղութային մեծ ընտանիքի անդամ-անդամուհիներուն ամենաջերմ ապրումներուն, կրկին անգամ կը հաստատենք թէ Ձեզի Հետ ենք միշտ եւ մանաւանդ երբ Ձեր արժանապատիւ կեցուածքով, հպարտօրէն, Համազգայնափայլ կերպով, կանգուն կը մնանք, մեզի պարտադրած այս տագնապը ընկալող-զսպող ընկերոջ, ֆիզիքական արիութեանը հոգեկան ու իմացական միաձուլող ղեկավարի, մշակութային իրաւունքները եւ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը պահպանող գործիչի, պատմական ճշմարտութիւնները բծախնդրօրէն լուսաբանող իրաւագէտի, արեւմտահայերէնը անաղարտ պահպանող եւ զարգացնող ուսուցիչի եւ մանաւանդ ու բացառապէս ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ սերունդներ դաստիարակող առաջնորդի»։
Այնուհետեւ օրակարգերու 4 կէտերու շուրջ իրենց գրաւոր զեկոյցը ներկայացուցին Ռաֆֆի Աւետիսեան, Հրազդան Թոքմաճեան, Դոկտ. Հուրի Ազէզեան եւ Սարգիս Գասարճեան։
Ժողովականները անդրադարձան, որ անբաժան մասնիկը կը կազմեն սուրիական հայրենիքին, անոր ապրած իրավիճակին մէջ տեղ գրաւած ըլլալու հանգամանքին եւ դժուարին պայմաններուն, զանոնք դիմագրաւելու իրենց ունենալիք կամքի դրսեւորման անհրաժեշտութեան։ Հաստատեցին հաւատարիմ մնալ ընդհանրական տրամադրութեան եւ որոշեցին վերաշխուժացնել գալիքի միութենական կամքը։ Առ այդ Սուրիոյ տարածքին հայ մշակութային արժէքներու պահպանման նկատմամբ իրենց կեցուածքը պիտի մնայ երաշխաւորուած յատուկ ռազմավարութեամբ։
Ժողովականները կարեւորութեամբ անդրադարձան նաեւ լրատուական միջոցներու անհրաժեշտութեան, այժմու հնարաւոր լրատուական միջոցներու իրագործման եւ տարածման։
Համազգայինի Սուրիոյ Վարչութեան աննախընթաց նախաձեռնութիւնը տագնապալի այս օրերուն քաջարի կեցուածք ներշնչեց բոլորին։
Խորհրդաժողովին Երեւանէն ժամանած Արման Սաղաթելեանն էր, որ անդրադարձաւ հայրենիքէն ներս լրատուական միջոցներու իրագործման եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակին։
Խորհրդաժողովի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման իր խօսքին մէջ դրուատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը, հալէպահայ մտաւորականութեան քաջալերող ներկայութիւնը եւ յանձնառութիւնը։ Խորհրդաժողովին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնը եւ ճգնաժամային իրադրութենէն հաւաքական ճիգերով անվտանգ դուրս գալու եւ գօտեպինդ մնալու մաղթանքը։
Առաջնորդ Սր. Հայրը շեշտադրեց մտաւորականութեան դերակատարութեան անփոխարինելիութիւնը, յատկապէս ժողովրդային լայն զանգուածներու մօտ ազգային մեր ուղուածութեան ճշմարիտ արտացոլման եւ ընդհանրապէս՝ հակառակ ցարդ դէպքերու հոլովոյթին արդիւնք վնասներուն, վերականգնումի եւ դժուարութիւնները շրջանցնելու յոյս եւ կամք ներշնչելու թելադրանքը ժողովուրդին։
Անդրադառնալով համազգային բնոյթով տարուած կազմակերպ աշխատանքին, ստուար կարիքներու դիմաց առաւել ներգործօն մասնակցութիւն բերելու հրաւիրեց ժողովրդային ու հանրային բոլոր բաղադրիչները, սուրիական հայրենիքի որպէս քաղաքացի գիտակցական յանձնառութեամբ։
Ժողովը ունեցաւ հետեւեալ եզրափակիչ յայտարարութիւնը.
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան հրաւէրով 11 Նոյեմբեր 2012 Կիրակի յետ միջօրէին Ա.Մ.Ժ.Տ. Լ. Շանթ սրահէն ներս Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակին շուրջ ընդհանուր վերնագրով խորհրդաժողովին մասնակից սուրիահայ մտաւորականները, արուեստագէտները, մշակութային գործիչները, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդաժողովի համար ճշդեալ օրակարգի ընթացքով յատուկ զեկոյցներ ունկնդրեցին հետեւեալ վերնագրումներով.-
•« Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի տարած աշխատանքը»
•« Մշակոյթի գործիչներու եւ միութիւններու դերակատարութիւնը»
•« Սուրիոյ հայ համայնքի մշկթ. ժառանգութիւնն ու անոր պահպանման հիմնախնդիրը»
•« Զանգուածային լրատուական միջոցներով ի՞նչպէս ներկայացնել հալէպահայութեան իրավիճակը»
Խորհրդաժողովին ներկայ շուրջ հինգ տասնեակ մասնակիցները ներկայացուած զեկոյցներու շուրջ լուսաբանական հարցադրումներէ ետք արտայայտեցին իրենց մտածումներն ու առաջադրանքները։
Սուրիոյ վիճակուած արտակարգ իրադրութեան մէջ խորհրդաժողովի մասնակիցները կարեւորութեամբ անդրադարձան սուրիական հիւսուածքի որպէս անբաժան մէկ մասնիկը, երկրի ապրած հոլովոյթին մէջ տեղադրուած ըլլալու հանգամանքին եւ պարտադրուած դժուարին պայմանները եւ հետեւանքները շրջանցելու համար կամքի դրսեւորման անհրաժեշտութեան մասին։ Հաստատեցին, որ հաւատարիմ մնալով հաւաքականութիւններու ընդհանրական տրամաբանութեան ձեւաւորման մէջ մտաւորականութենէ սպասուած ակնկալութիւններուն որպէս յառաջատարր՝ այսօր առաւել կը շեշտաւորուի տագնապի պատճառած հոգեբանական պատնէշներուն վերացման մէջ դերակատար ըլլալու հանգամանքը։ Աղէտներու հետեւանքներու վերացման գործի կազմակերպ իրագործումէն ետք, անկոտրում կամքի դաստիարակիչ արտայայտութեամբ նոյնքան անհրաժեշտ դասելով վերականգման ճիգերու կազմակերպումը եւ Սուրիոյ տարածքին հայ մշակութային արժէքներու պահպանման խնդիրները՝ ունենալով յատուկ ռազմավարութիւն։
Խորհրդաժողովը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ զանգուածային լրատուական միջոցներու դերակատարութեան, հայկական լրատուամիջոցներու դերակատարութեան եւ սուրիահայութեան այժմու հնարաւորութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան։
Խորհրդաժողովի մասնակիցները օրակարգերու քննարկման աւարտին ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան վիճակուած տագնապալի այս օրերուն վերահաստատեցին իրենց անձնական եւ միութենական առաքելութեան պատնէշի վրայ ըլլալու յանձնառութիւնը, ժողովրդային մեր զանգուածներու առօրեային եւ անոր զարգացումներու հոլովոյթին հետ աղերսուած մնալով, անոր հաւաքական ձգտումներու արտայայտիչը ըլլալու հանգամանքով։
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան իւրօրինակ այս նախաձեռնութիւնը տագնապալի այս օրերուն, իրավիճակները եւ ապա սուրիահայութեան գոյերթը նոր մշակոյթով եւ վերանորոգ կամքով նուաճելու յոյսն է, որ կը ներշնչէ բոլորին։
Յարգանք սուրիական Հայրենիքի Նահատակներուն։
Ճգնաժամային իրավիճակը համայնական, ծրագրեալ դրոյթներով շրջանցնելու բարեյուսութեամբ, սուրիական հայրենիքի որպէս լիիրաւ քաղաքացի հայրենիքը ապահով, բռնարարքներէն զերծ, բնական զարգացման հունի մէջ տեսնելու եւ առ այդ յանձնառու ըլլալու հաստատակամութեամբ խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքը։
Հալէպ, 11 Նոյեմբեր, 2012