Տեղի ունեցաւ Կիրակի 9 Դեկտեմբերի երեկոյեան ՀԱՍԳ Ճեմարանէն ներս, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ծնողաց Յանձնախումբին: Ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ եւ աշակերտներ, որոնք եկած էին Ս. Ծննդեան խորհուրդը միասնաբար ըմբոշխնելու Ծննդեան Մեղեդիներու երգեցողութեան ընդմէջէն: Սոյն երեկոյին կրկին իր բարձր ներկայութիւնը բերած էր Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան, որ օրհնութեամբ ու Տէրունական աղօթքով կատարեց յայտագրի բացումը:
Օրուան խօսնակ 10-րդ կարգի աշակերտուհի Տաննա Մանուկեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին հրաւիրեց 5-րդ կարգի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին Ծննդեան պատկեր: Խիստ տպաւորիչ էր տեսնել աշակերտները կÿարտասանեն Ս. գիրքէն համարներ եւ եթէ ոչ ամբողջովին սակայն մեծ բաժինով կը հասկնան ու կÿըմբռնեն Ծննդեան խոր նշանակութիւնը:
4-րդ կարգէն աշակերտուհիներ ելոյթ ունեցան սրինգի նուագով արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին: Երեկոյի ընթացքին «Նանոր» երգչախումբը հրաշալիօրէն կատարեց Ծննդեան յատուկ մեղեդիներ, ինչպէս՝ Լուռ Գիշեր, Նոր Տարուան Հանդէս, Ձիւն, Քրիստոս Ի Մէջ Մեր Յայտնեցաւ, Խորհուրդ Մեծ եւ այլ հայերէն ու անգլերէն երգեր:
Մեներգերով ելոյթ ունեցան գաղութի երիտասարդ տաղանադաւոր ուժեր Գայեանէ Վ. Պօղոսեան, Նիքօլ Սիմոնեան, Տիկ. Հուրի Օհանէս եւ հանրածանօթ երգչուհի Լուսինէն, դաշնամուրի վրայ իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյնքան շնորհալի երիտասարդ Քրիս Նազարեանը: Հիւր երգիչներն ու նուագողները իրենց իւրայատուկ մենակատարութիւններով արժանացան ներկաներու խոր համակրանքին եւ հիացմունքին: Շնորհակալութիւն բոլորին:
6-րդ կարգէն խումբ մր աղջիկներ մթնոլորտը աւելի եւս խանդավառեցին հայկական ուրախ պարով: Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ մթնոլորտը հասաւ իր ճոխութեան գագաթնակէտին: Իսկապէս ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել փոքրերը համախմբուած կաղանդ պապուկի շուրջ, անհամբեր կը սպասեն իրենց շաքարեղէնի ծրարին: Յայտագրի աւարտին Ճեմարանի Տնօրէն Պրն. Ք. Միքայէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ հիւրերուն, որոնք իմաստաւորեցին ելոյթը եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին տուին իր պատշաճ արժեւորումը, նոյնպէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց աջակցող անհատներուն, որոնք կազմակերպեցին սոյն միջոցառումը: Ինչպէս նաեւ Տնօրէնը յուշանուէրներով գնահատեց ելոյթ ունեցող հիւրերը:
Անշուշտ սոյն հանդիսութիւնը իր պատշաճ փակումին հասաւ Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեանի խօսքով ու պահպանիչով: Հայր Սուրբը իր սովորական խանդավառ ոճով նախ գնահատեց ծնողաց յանձնախումբի այս գաղափարը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ուսուցիչները, որոնք այսպիսի լաւ ձեւով պատրաստած էին աշակերտները եւ անոնց յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց:
ՀԱՍԳ Ճեմարանի հանդիսութիւններով ճոխ շաբաթը իր աւարտին հասաւ այս ձեռնարկով, որ տարի մը եւս մեծ յաջողութիւն արձանագրեց եւ կրկին անգամ շեշտեց ու վերահաստատեց Ս. Ծննդեան խորհուրդը մեր աշակերտներուն եւ ծնողներուն մօտ: Վարձքը կատար բոլորին: