
Շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2025-ին, բանաստեղծ եւ գրականագէտ Յարութիւն Պէրպէրեան ԼՇՀ դասընթացքի ուսանողներուն ներկայացուց գրականութեան եւ իմաստասիրութեան կալուածներուն մէջ՝ 1970-ականներէն ասդին սփիւռքի ամենէն խոհուն մտաւորականներէն Վազգէն Էթիեմեզեանի կեանքն ու վաստակը։
