
Գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պիէլի խորհրդաժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1915-2015 հարիւրամեայ պայքար» խորագիրով կլոր սեղան ֆրանսահայ գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» վէպին վերաբերող:
Բացումը կատարեց Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆ, որ նախ հակիրճ կերպով ծանօթացուց Վալերի Թորանեանը, որ 2002-էն 2014 թուականներուն «Էլ» պարբերաթերթի տնօրէն է եւ «Գանալ փլիւս»-ի ժամանակագրական յօդուածագիր: Ապա պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` տրուած ըլլալով, որ վէպին հիմնական առանցքը գրողին մեծ մօր Ցեղասպանութեան փորձառութեան պատումն է: Հայոց ցեղասպանութեան համառօտ ներկայացումէն ետք, Պապիկեան-Ասաֆ ներկայացուց Թորանեանի վէպը` «Օտարականը», որուն մէջ գրողը լուսարձակի տակ կ՛առնէ իր մեծ մօր` Աղաւնիին կեանքը, ինչպէս նաեւ կը նկարագրէ ընտանեկան յարաբերութիւններու բարդութիւնները` տրուած ըլլալով, որ գրողին հայրը` Աղաւնիին միակ զաւակը, ունէր ֆրանսուհի կին է…
Վէպին երկրորդ առանցքը, ըստ Պապիկեան-Ասաֆի, ինքնութեան հարցադրումն է, որուն ճամբով Պապիկեան խօսքը փոխանցեց Վալերի Թորանեանին. «Ինչպէ՞ս կրցաք հաշտեցնել ձեր երկու ինքնութիւնները իրարու հետ, ինչպէ՞ս կրցաք հաշտուիլ ձեր կրկնակի ինքնութեան հետ»:
Թորանեան խօսք առնելով բացատրեց, որ կը փորձէր վերագտնել այն մանուկը, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողին միակ զաւակին զաւակն էր, այն մանուկը, որ ունէր մեծ մայր մը, որ միշտ լուռ էր, կլոր դէմքով, աչքերուն վրայ ծանրացող կոպերով, այն մանուկը որ ունէր դեղին մազերով ու կապոյտ աչքերով մայր մը… Այս փոքրիկը հասակ առաւ երկու կիներուն միջեւ, մէկը միւսին «օտար», ըսաւ Թորանեան` ֆրանսերէնը մէկդի դնելով եւ բառը հայերէն արտասանելով անոր տալու համար իր ամբողջական արժէքն ու տարողութիւնը: