
Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2015 տարեշրջանի հունձքի արժեւորման առիթով, ներկայութեամբ մտաւորականներու, գրողներու եւ ընթերցասէրներու խմբակի մը:
Հանդիպումին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները Նոր տարուան սեմին եւ ըսաւ, որ հակառակ անցնող տարուան տնտեսական ու ապահովական ծանր պայմաններուն` «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, տպարանը, գրատարածը, գրախանութը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը աշխուժօրէն շարունակած են իրենց աշխատանքները եւ առաքելութիւնը: Ան համառօտ ձեւով ներկայացուց միամեայ իրագործումները եւ յայտնեց, որ հրատարակչատան գանձարանը հարստացած է աւելի քան 20 գիրքով եւ 10-է աւելի վերահրատարակութիւններով, իսկ ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած են 11 ցուցահանդէսներ:
Ան անդրադարձաւ Համազգայինի հրատարակչատան 85-ամեակին, որ պիտի նշուի 2016-ին. այս առիթով Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ 85 տարիներ հայ գիրին, գրականութեան եւ գիրքին նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ արեւմտահայ գրականութեան ձեռք բերուած հարուստ շտեմարանը հարստութիւն են բովանդակ հայութեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց հրատարակչատան հիմնադիրներուն, հեղինակներուն, մեկենասներուն, որոնց հաւաքական ճիգին արգասիքն է նորօրեայ իրագործումները, ապա աւարտեց իր խօսքը մաղթելով, որ Համազգայինը շարունակէ իր երթը` հաւատալով հոսանքն ի վեր թիավարելու կոչումին, հայ հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման, հայ ժողովուրդի արժէքային համակարգի եւ հայութեան գոյերթի յառաջընթացի երաշխիքներու հզօրացման: