
«Ազդակ».- Չորեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հայ եւ օտար դերասաններու, բեմադրիչներու, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Խտըշեանի կենսագրականին եւ գործունէութեան` վեր առնելով անոր վաստակը իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ, որ արուեստի աղն ու լոյսը եղաւ եւ տարածեց այս լոյսը իր հիմնած «Թատրոն 67» թատերախումբին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բեմերու ընդմէջէն:
Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն: Մատրան մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք Զաւէն Պաաքլինի կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ հայրենի վաստակաշատ հանգուցեալ դերասան Սօս Սարգսեանի կնոջ յղած ցաւակցական գիրերը: Ապա դամբանական խօսքեր արտասանեցին դերասան եւ բեմադրիչ Մունիր Քեսրուանի, դերասաններու սենտիքայի նախագահ Ժան Քասսիս եւ Համազգայինի ընտանիքին անունով` Յակոբ Լատոյեան, որոնք հաստատեցին թատրոնին նկատմամբ Խտըշեանի ունեցած ներդրումը, նաեւ վաստակաւոր ուսուցիչ ըլլալու հանգամանքը` շեշտելով, որ ան իր յատուկ դրոշմը ձգեց թատերական կեանքին մէջ` նոր կեանք եւ նոր շունչ տալով անոր:
Նշենք, որ դամբանական խօսքերը յառաջիկային լոյս պիտի ընծայուին ամբողջութեամբ: