
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Հինգշաբթի, 3 Ապրիլ 2025-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր դերասան Յովսէփ Գաբլանեանի (Եուսուֆ) յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ մեծաթիւ բեմադրիչներու, դերասաններու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Նանօր Տէր Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ հանգուցեալ Յովսէփ Գաբլանեանի աւելի քան յիսուն տարիներու թատերական գործունէութեան: Տէր Սարգիսեան ըսաւ, որ Եուսուֆ թատերական ուսում չէր ստացած, սակայն աշակերտած էր մեծ վարպետ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանին, որուն շունչով ու աշխատանքով պատրաստուեցաւ սերունդ մը, որ ձեռք ձգեց թատերական հմտութիւններ եւ բեմական-կատարողական կարողականութիւններ: Ան աւելցուց, որ Խտըշեանին հետ Եուսուֆ աւելի քան 15 ներկայացումներ կատարելէ ետք, բեմադրիչի մահուան պատճառով հետագային իր թատերական գործունէութիւնը շարունակեց բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ` մասնակցելով շուրջ 10 ներկայացումներու: Նանօր Տէր Սարգիսեան հաստատեց, որ Եուսուֆի համար փոքր կամ մեծ դեր չկար, որովհետեւ կը հաւատար, որ թատրոնը մէկ ամբողջութիւն է, որուն ինք հաւատարմօրէն ծառայած է: Ան նշեց, որ հանգուցեալը դերեր ստանձնած է կարգ մը ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարելի է յիշել` Ռոպեր Կէտիկեանի «Խենթի մը պատմութիւնը», Վաչէ Պուլղուրճեանի «Հինգերորդ զօրասիւնը» եւ Թոնի Փարթամեանի «Հրամեցէ՛ք»-ը: