
Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրումը Համազգայինի շքանշանով, ձեռամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Սեպուհ Այնթապլեանի:
Ներկայ էին Նիկոսիայի Հոգեւոր Հովիւ Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը, Ազգային Իշխանութեան եւ գաղութի կազմակերպութիւններու ատենապետներ, ներկայացուցիչներ եւ գաղութի բազմաթիւ անդամներ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք Եղիա Գայայեան ներկայացուց Վարդան Թաշճեանի կեանքն ու բեղուն վաստակը, յատկապէս՝ անոր կրթական լայն գործունէութիւնը, գեղանկարչական յաջողութիւներն ու արուեստի այլ ոլորտներէ ներս անոր բազմատաղանդ ներկայութիւնը: Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սեպուհ Այնթապլեանը ու կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, որմէ ետք, Վարդան Թաշճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսանիւթեր, առաջինը՝ Վարդանի կեանքին բազմազան դրուագները ներկայացնող նկարներու փունջ մը, իսկ երկրորդը՝ Վարդանի գեղանկարչութեան մասին բարձր մակարդակով նկարահանուած ֆիլմ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Յայտագիրը փակուեցաւ Արժանապատիւ Տէր Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, որուն յաջորդեց համեստ հիւրասիրութիւն մը:
Լրիւ ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ Gibrahayer EMagazine - Կիպրահայեր Էջին միջոցաւ: