
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղի ունեցաւ 2-4 Մայիս 2025-ին: Աշխարհի զանազան կողմերէն 20 երիտասարդ ուսանողներ հաւաքուեցան Վիեննայի մէջ եւ եռօրեայ աշխատանոցներու ու պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունեցան աշխատանոցներ: Անոնք նաեւ այցելեցին Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կեդրոններն ու տեսարժան վայրերը:
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Մայիս 2025-ին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ եռօրեայ ծրագիրի ու հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին: Ապա հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու (ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ) Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տուաւ մասնակիցներուն:
Խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի զանազան ծրագիրները` յատկապէս, երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները: