
Ներկայութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սպանիոյ առաջին հիւպատոս Կապրիէլ Սիսթիակայի եւ արուեստասէր բազմութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ սպանացի գեղանկարիչ Վիրժինիա Կալ-Մաղաքեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցահանդէսին նիւթը բնութիւնն էր իր զանազան գոյներով եւ լոյսի խաղերով: Ներկայացուած էին իւղաներկ եւ խառն թեքնիքներու օգտագործումով պատրաստուած տարբեր չափի պաստառներ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին անունով անգլերէնով խօսք առաւ Անժելա Տաղլեան: Ան յայտնեց, որ արուեստագիտուհին ծնած է Պարսելոնա` արուեստագէտներու ընտանիքի մը մէջ, եւ մանուկ հասակէն հրապուրուած է գծագրութեամբ ու գեղանկարչութեամբ եւ մասնակցելով բազմաթիւ մանկական մրցումներու արժանացած է համապատասխան մրցանակներու: Տաղլեան ըսաւ, թէ Վիրժինիա Կալ – Մաղաքեան 21 տարեկանէն սկսեալ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ աշխարհի տարածքին` աւելցնելով, որ արուեստագիտուհիին երկչոտ եւ զգայուն նկարագիրը կ՛արտացոլայ իր արուեստի գործերուն մէջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Տաղլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց արուեստագիտուհիին ամուսնոյն` Գրիգոր Մաղաքեանին, որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է սոյն ցուցահանդէսի յաջողութեան մէջ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: