
Համազգայինի Արեւտմեան Ամերիկան վերջապէս ունեցաւ իր կեդրոնը, որուն իրագործման համար հիմնական նպաստ բերին Տէր եւ Տիկին Ալպէր եւ Թերրի Պէզճեանները իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ: Առ ի գնահատանք մշակոյթի եւ կրթութեան տարածման մէջ իրենց կատարած նիւթական մեծ ներդրումին, Տէր եւ Տիկին Ալպէր եւ Թերրի Պէզճեաններ պարգեւատրուեցան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով՝ ձեռամբ Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սերայտարեանը։
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սերայտարեանի գրասենեակին մէջ, համեստ հիւրասիրութեամբ։
