Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Տիթրոյթի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը մեծ շուքով նշեց Համազգայինի 90-ամեակը եւ մասնաճիւղին 50-ամեակը, Համազգայինի «Արաքս» պարախումբի եւ սիրուած երգչուհի Սիպիլի մասնակցութեամբ, որ մասնաւորապէս ժամանած էր Պոլիսէն, ելոյթ ունենալու համար այս իւրայատուկ համերգին։
Ելոյթին բացումը կատարեց Տիթրոյթի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան, որ խօսքը ուղելով մօտաւոր 600 ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն իրենց աջակցութեան համար, մանաւանդ տէր եւ տիկին Հերման եւ Շուշան Խնդիրեաններուն (որոնք հովանաւորած էին այս ելոյթը), Հ․Յ․Դ․Ազատամարտ Կոմիտէին, որ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս, միշտ նեցուկ կանգնած է Համազգայինին։
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեանը, որ նշեց Համազգայինի կարգ մը հիմնադիրներու՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի հեռատեսութեան շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունի մշակոյթ, որ պէտք է պահպանուի ամէն գնով։ Ան աւելցուց թէ մեր մշակոյթը կը յարատեւէ, որովհետեւ այսօր Համազգայինը ունի կարող եւ նուիրուած ընկեր-ընկերուհիներ, ինչպէս՝ Տիթրոյթի Համազգայնականները։ Ան յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Տիթրոյթի մասնաճիւղի հիմնադիրներուն՝ Յովակիմ Մանուկեանին, Սեպուհ Թուխանեանին, Արա Ղարիպեանին, Սամուէլ Ասարեանին եւ Արփի Քիլեանին, որոնց տեսլականով Դեկտեմբեր 1967-ին հիմնուեցաւ Տիթրոյթի Համազգայինի մասնաճիւղը։ Ան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով մշակոյթի կարեւորութիւնը հայապահպանման մէջ եւ ընտանիքներուն պարտականութիւնը հայ մշակոյթը փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն։