Աւստրալիա
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը 2020 տարեշրջանի Տոհմիկ Պարահանդէսը կազմակերպեց Շաբաթ 4 Յունուար 2020-ին: Ձեռնարկի ընթացքին հիւրասիրուեցաւ հայկական չիր ու չամիչը, բախտի հացը, կեռասով խմիչքը։ Պարահանդէսի բացումը կատարուեցաւ «ԼՈՒՌ ԳԻՇԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՇԵՐ» շարականով, յանձնախումբի անդամներու երգեցողութեամբ: Երեկոն ճոխացուցին երգիչ Ռաֆֆին, DJ Գօգօ Արապօղլեանն ու Յարութ Պզտիկեանը տհոլի ընկերակցութեամբ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգային ընտանիքի անդամներ ու համակիրներ, ինչպէս նաեւ՝ NSW Federation of Community Languages Schools-ի նախագահ Տիկին Լուցիա Ճօնս։