
22 Դեկտեմբեր 2022-ին կրկին կը լսուէին մօտաւորապէս 50 փոքրերու հրճուանքի ձայները՝ Արարատ ակումբի սրահին մէջ։ Աննկարագրելի է անոնց ուրախութիւնը երբ կու գան միասնաբար վայելելու իրենց համար պատրաստուած «Փոքրիկներու Պատմութեան Օր»-ը՝ Համազգային Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ։ Օրուան պատմութիւնն էր «Վարագին Կաղանդի Մաղթանքը», որուն ընթացքին փոքրիկները բաժնեկցեցան իրենց նոր տարուան մաղթանքներն ու փափաքները, եւ փորձեցին կռահել, թէ ի՛նչ էր Վարագին մաղթանքը։ Անոնք սորվեցան հայերէն քանի մը նոր բառեր, որոնցմէ էր «զարմիկ» բառը։
Ձեռային աշխատանքի պահուն, փոքրիկները իրենց մաղթանքները գրեցին իրենց պատրաստած կաղանդ պապուկէ խաւաքարտերուն վրայ։
Յետոյ, փոքրիկները խաղացին հաճելի խաղեր, համտեսեցին պտուղներով պատրաստուած, կաղանդ պապուկի տեսքով համեղ քաղցրաւենին, եւ երգեցին նոր տարուան երգեր։ Յուզիչ էր յատկապէս լսել փոքրիկներուն կաղանդի այն երգերու երգեցողութիւնը, որոնք միայն կը հնչեն հայու մը տունէն ներս եւ անձը կը փոխադրեն իր մանկութեան անմեղ օրերուն։
Աւարտին, Ձմեռ պապը այցելեց անոնց՝ Արարատ ու Մասիս լեռներէն։ Ան իր ուսին շալկած էր խոշոր պարկ մը, որուն մէջի նուէրներով ա՛լ աւելի ուրախացուց փոքրիկները։
Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ նման անհրաժեշտ նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Ռիթա Սիմոնեաններուն, որոնք տրամադրեցին օրուան հիւրասիրութիւնը։