«Կը քանդակեմ արտայայտելու համար ա՛յն ինչ որ բառերով չեմ կրնար ըսել։ Գեղագիտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը իմ գործերուս մաս կը կազմեն. տառապանքը կը պահեմ ինծի։ Կը յուսամ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն հետ կը տանի պատկեր մը։ Գիրք մը պատմութիւն մը կը պատմէ, ցուցահանդէսը՝ նոյնպէս»։
Թորոս
28 Նոյեմբերի միջօրէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ségur» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտ Թորոսի (Թորոս Ռասթկելենեան) 26 քանդակներու չորսօրեայ ցուցահանդէսին։ Առաջին անգամն էր, որ միջազգային մշակութային այդ կեդրոնին մէջ վարպետը կը ցուցադրէր իր գործերը՝ «La paix: Toros œuvre intégrale» խորագրին տակ, արձանագրուած՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ մշակութային արժէքներու պահպանութեան ու զարգացման շրջանակին մէջ։ Նոյն այդ սրահին մէջ զետեղուած է Ալպերթօ Ճիաքոմեթիի նշանաւոր պրոնզէ քանդակը՝ «Քալող մարդը» (l’Homme qui marche)։
Թորոս ծնած է Հալէպ, 1934-ին։ Իր արմատները արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆա քաղաքէն են։ Իր «Ազատագրուած արաբ կինը»՝ մէկ ձեռքին ջահը, միւս ձեռքին ցորենի հասկը, եօթը մեթրնոց արձանը զետեղուած է Հալէպի հրապարակներէն մէկուն վրայ։ Սուրիոյ հայաշատ այդ քաղաքի այլ շրջաններուն մէջ ալ կարելի է տեսնել անոր գործերը՝ Սիմոն Զաւարեանի եւ Վահան Թէքէեանի կիսանդրիները, Ապու Լալա Մահարին եւայլն։ 1967-ին հաստատուած է Ֆրանսա եւ այժմ կ՚ապրի Ռոման քաղաքը, ուր կը ստեղծագործէ իր հիմնադրած հսկայական արուեստանոցին մէջ։ Անոր պրոնզէ եւ պղինձէ քանդակուած կոթողները զետեղուած են Ֆրանսայի զանազան շրջաններուն մէջ՝ Մարսիլիա, Էքս-ան-Փրովանս, Վալանս, Վիէն, Սէն թ՚Էթիէն, Ռոման եւ այլուր, բայց նաեւ՝ Երեւան, ուր Սայեաթ Նովայի պրոնզաձոյլ կիսանդրին կը գտնուի նոյնանուն պողոտային վրայ, իսկ Կոմիտասի թանգարանին ալ նուիրած է մեծ վարդապետին դիմաքանդակը, ի յիշատակ Ուրֆայի հերոսամարտին։
Ճշդուած ժամէն քիչ մը առաջ հասած էի։ Ներս մտայ ցուցասրահը եւ հեռուէն նշմարեցի 84 գարուններ բոլորած, ժպտադէմ ու սիրալիր հայեացքով արուեստագէտը։ Շրջելով սրահին մէջ դիտեցի իր ազգային, բայց միաժամանակ համամարդկային ոճով սքանչելի ու բացառիկ գործերը, որոնք կը պատկերէին մօր, կնոջ, հողին ու իր արմատներուն առնչուող թեմաները։ Մօտեցայ։ Ռուսական թերթի մը Փարիզի թղթակիցը հարցումներ կ՚ուղղէր։ Անդին կեցած էր նաեւ սուրիահայ լրագրող մը։ Երբ կարգս հասաւ ուզեցի իմանալ այնտեղ ցուցադրուած իր վերջին երկու տարիներու նոր ստեղծագործութիւններու մասին։
- Արուեստի մէջ հին ու նոր չկայ, կարեւորը ըսելիքն է։ Ես ազգիս համար կ՚աշխատիմ եւ իմ արուեստով կը պայքարիմ յանուն ժողովուրդիս դատին։ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձաններս արդէն «կը խօսին» այդ մասին։ Այսօր ոչ թէ զէնքով, այլ արուեստով կայ Հայոց փրկութիւն,- խրոխտ շեշտով պատասխանեց վարպետը։
Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցչութեանց կողմէ, համագործակցութեամբ՝ «Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան։ Հարիւրէ աւելի ներկաներու մեծամասնութիւնը ֆրանսացի եւ մա՛նաւանդ սուրիացի մտաւորականներ, արուեստագէտներ կամ նկարիչներ էին, որոնք մօտէն ծանօթ էին Թորոսի ստեղծագործութիւններուն։ Կազմակերպիչներու պաշտօնական ելոյթներէն ետք, հաճելի անակնկալ էին Հալէպ ծնած սուրիացի ուտահար Ֆաուազ Պաքէրի մենակատարումները։ Ան նախ նուագեց 19-րդ դարու վերջերը Պոլիս ապրած նշանաւոր հայ ջութակահար, քանոնահար Թադէոս Էֆէնտիի (Թադէոս Էքսերճեան, 1858-1913) մէկ գործը, իսկ իր երկրորդ նուագը ձօնեց Հալէպի մէջ իր երաժշտութեան առաջին ուսուցիչ Յովհաննէս Կոստանեանի յիշատակին։
Աւարտին, քովի սրահին մէջ ներկաները հիւրասիրուեցան արեւելեան համադամներով։
Մ.Լ.
«Նոր Յառաջ»