
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ՝ 6 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբի համերգը «Սարդարապատ» սրահէն ներս, ղեկավարութեամբ Մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եւա Պետրճիքեանի (Ա. բաժին) եւ Շողեր Օհանեան- Քահքէճեանի (Բ. բաժին):
Համերգին ներկայ էին՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, նախկին հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Պատուելի Շանթ Ակիշեան, Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Նուպար Քահանայ Մելքոնեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարո Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Արամ Արամեան, պատկան մարմինի եւ մութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ ժամանած հայորդիներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն:
Համերգը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, ապա օրուան հանդիսավար Լարա Պետուրեան հրաւիրեց Ալիք Քորթմոսեանը ընթերցելու բացման խօսքը: Քորթմոսեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ երգի եւ երաժշտութեան կարեւորութեան, որպէս հայ մշակոյթի անքակտելի մասնիկներ:
Ան ըսաւ. «Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, տեւաբար կանգնեցաւ քեսապահայութեան կողքին՝ հայ մշակոյթով լիցքաւորելու անոնց կեանքը»: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք եւ ճիգ չխնայեցին համերգը յաջողութեան հասցնելու:
Այնուհետեւ բարձր ծափողջոյններով «Կիլիկիա» երգչախումբի ղեկավար Մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան բեմ հրաւիրուեցաւ, ուր երկու բաժինով փունջ մը հայրենասիրական ու ժողովրդական ընտիր երգեր ներկայացուեցան՝ խանդավառելով եւ ոգեւորելով հանդիսականները:
