
Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2025-ին, ընթացք առին Քուէյթի Համազգայինի Ե. Անդամական Ընդհանուր Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Վարչութիւնս հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ներկայացուցիչ Արա Գէորգեանի հետ։ Ան Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները փոխանցելէ ետք, մեծապէս գնահատեց վարչութեանս վարած եռամեայ գործունէութիւնը եւ քաջալերեց նոյն թափով եւ աշխուժութեամբ շարունակելու աշխատանքները շեշտը դնելով երիտասարդութեան աւելի ներգրաւման մեթոտներուն վրայ։
Ուրբաթ, 21 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ, Քուէյթի Համազգայինի Ե. Անդամական Ընդհանուր Ժողովը։ Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեանս ատենադպիր Սամուէլ Լախոյեանը։ Ան բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք, ժողովը բացուած յայտարարեց, եւ գործադրուեցաւ ժողովի օրակարգը հետեւեալ կարգով՝ Դիւանի եւ ժողովական յանձնախումբերու ընտրութիւն, վարչութեան նիւթաբարոյական եռամեայ տեղեկագիր, այդ ուղղութեամբ լուսաբանական հարցումներ եւ վարչութեան գործունէութեան ըստ էութեան քննարկում։
Դադարէն ետք, տեղի ունեցաւ յանձնախումբերու զեկուցում, եւ նոր վարչութեան ուղղուեցան առաջարկներ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան ընտրութիւն։ Ընտրուեցան հետեւեալ անդամները.
Դալար Մելիքսէթեան` Ատենապետուհի
Սամուէլ Լախոյեան` Ատենադպիր
Յովիկ Մահտեսեան` Գանձապահ
Մարիա Արապաթլեան` Հաշուապահ
Անթօնի Տաղլեան` խորհրդական
Լուսիկ Թեմամեան` խորհրդական
Յակոբ Փոքրաւորեան` խորհրդական
Ժողովը փակուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Արա Գէորգեանի խօսքով։ Ան իր բարձր գնահատականը յայտնեց ժողովին եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան անդամներուն։