Ֆորում

"Հայրենիք վերադառնալու երազս իրականացաւ 4 տարի յետոյ, Համազգայինի Ֆորումին շնորհիւ։ Համազգայինի Ֆորումը աներեւակայելի փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար։ Շատ ուրախ եմ որ կրցայ իմ մասնակցութիւնս բերել այս իւրայատուկ հաւաքին։ Մեր 12 օրուան Ֆորումը շատ լաւ ծրագրուած էր, լեցուն այցելութիւններով, դասախօսութիւններով եւ ընկերային պահերով։ Յատկապէս, ամենայիշատակելի օրը Ծաղկաձորի պտոյտն էր։ Այդ օրը, այցելեցինք Ծաղկաձորի ճոպանուղին, ուր Ֆորումի մեր ընկերներուն եւ պատասխանատուներուն հետ կրցանք մտերմիկ եւ ուրախ ժամանակ անցընել։ Այցելեցինք նաեւ «Տիրամայր Հայաստանի» ճամբարը, ուր Հայ երեխաներու հետ ընկերացանք եւ մարզական խաղերու մասնակցեցանք։ Տարբեր զգացում էր մեր հայրենիքի հայ պզտիկներուն հետ շփուիլը եւ իրենց ժպտուն դէմքերն ու խանդավառութիւնը տեսնելը։ Վստահօրէն կրնամ ըսել որ այս այցելութեան գաղափարը յաջող էր եւ իր նպատակին ծառայեց։ Ոչ միայն երեխաներուն բուժիչ եւ առողջապահական պահ դարձաւ, բայց նաեւ՝ մեզի համար։
Բախտաւոր կը զգամ որ աննման պատասխանատուներ ունէինք այս ուղեւորութեան ընթացքին։ Իրենց հոգատարութիւնը, ուշադրութիւնը եւ սէրը, օգնեց որ շուտով նոր միջավայրին ընտելանանք։ Մեր ամէնօրեայ ծրագիրները մեզ կապեցին հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին ու մեր սրտերուն մէջ խոր յարգանք սերմանեցին անոնց հանդէպ, մեր փորձառութիւնը ա՛լ աւելի յիշատակելի ու աննման դարձնելով։ Այս պտոյտին շնորհիւ բոլորս խանդավառուած ենք եւ կը փափաքինք վերստին միանալ հայրենիքի մէջ։ Երախտապարտութիւնս կ՚ուզեմ յայտնել Համազգայինի մեծ ընտանիքին, կազմակերպիչներուն, պատասխանատուներուն եւ իմ հարազատ Ֆորումականներուս։ Համազգայինի այս ընտանիքը միշտ մեծ տեղ պիտի ունենայ իմ սրտիս մէջ։"
Արենի Չալիքեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ