Ֆորում

Ընկերակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի, Ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի Պետական Համալսարան(ԵՊՀ) այցելութեամբ։ Խումբը հանդիպում ունեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Երեւանի Պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ՝ Արման Եղիազարեանի հետ։ Եղիազարեան անդրադարձաւ Համալսարանի հիմնադրութեան, պատմութեան եւ ստորաբաժանումներուն։ Ապա, ԵՊՀ Հայագիտական ամպիոնի հետազօտութիւններու փոխտնօրէն՝ Ալիք Ղարիպեան, առաջնորդեց Ֆորումականները ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր ուղեցոյցը հակիրճ ձեւով ներկայացուց այնտեղ գտնուող մեր հարստութիւնները։ Ղարիպեան նաեւ ներկայացուց ԵՊՀ-ի Հայագիտական ամպիոնն ու անոր առաքելական տարբեր աշխատանքները։
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հայ ժողովուրդի մշակոյթի օրրանին՝ Հայկական երաժշտութեան, Ֆորումականները մեկնեցան Ջիւանու Անուան Աշուղական Դպրոց ու անոնց հոգիները ներշնչուեցան հայկական բարձրաճաշակ արուեստով։ Փրոֆեսոր Թովմաս Պօղոսեան ներկայացուց հայ աշուղներու կենսագրականներն ու անոնց տարած սրբազան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական նուագարաններն ու անոնց արժէքները՝ մեր մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման կամուրջը ամուր պահելու համար։
Մշակոյթի արժէքներով լի օրը շարունակուեցաւ։ Ֆորումականները ուղղուեցան դէպի հայ երաժշտական արուեստի կարկառուն ներկայացուցիչի՝ Կոմիտաս Վարդապետի թանգարանը։ Այստեղ, Ֆորումականները ստացան Կոմիտաս Վարդապետի օրհնութիւնը՝ մօտէն ծանօթանալով անոր կեանքին ու հայ ժողովուրդին համար իր նուիրեալ աշխատանքներուն։
Յետմիջօրէին, Ֆորումականները այցելեցին Մայր Հայաստան եւ ունեցան ընկերային հաճելի պահ։