
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորում) երկրորդ օրուան թեման հայ ճարապետութիւնն էր։ Օրուան ընթացքին մասնակցողներուն ընկերացաւ հայ ճարտարապետութեան հանրայայտ մասնագէտներէն՝ Սամուէլ Կարապետեան։
Սաղմոսավանքի շուրջ, Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ տարածաշրջանին եւ Սաղմոսավանքը իբրեւ օրինակ բերելով, հայ ճարտարապետութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն, խաչքարերու եւ արձանագրութիւններու մասին։
Դէպի Արագած պտոյտը մեր առջեւ պարզեց հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը. Արագած լերան լանջին, Քարէ լիճին շուրջ բնութեան մէջ ճաշելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ամբերդ. միջնաբերդին շուրջն ու գագաթը իրենց ժամանակը անցընելէ ետք, սեղմ վայրկեաններու մէջ Սամուէլ Կարապետեան բացատրութիւններ տուաւ Ամբերդի կառուցման եւ տարածքը գտնուող եկեղեցւոյ մասին, ակնարկելով յատկապէս գաւիթի իւրայատկութեան։
Վերադարձին, Երեւանի հրապարակին շուրջ, ֆորումականները ճաշակեցին Վարդավառը՝ մասնակցելով օրուան յատուկ ջրախաղերուն։ Saffron ճաշարանի մէջ ընթրիքէն ետք, ընկերային մթնոլորտը շարունակուեցաւ երկար։