
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի երրորդ օրուան ընթացքին, մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն՝ Դիլիջան։
Կանաչութեամբ պատուած լեռներն ու դաշտերը իրենց ուղեկից, ճանապարհին երիպտացորենի կրպակի մը մօտ բնութեան մէջ հանգստանալէ ետք, շարունակեցին դէպի Դիլիջան։ Հոն հակիրճ դադարէ եւ շրջապտոյտէ մը ետք, շարունակեցին դէպի Հաղարծին։ Տեղւոյն Հայր Սուրբը՝ Հայր Սամուէլ հակիրճ բացատրական մը տուաւ շուրջի եկեղեցիներուն մասին։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին բացատրութիւնները. այլ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու կողքին, հոն կը գտնուին Գագիկ եւ Սմբատ Բագրատունիներու դամբարանները, «Խորհուրդ Խորին» շարականի հեղինակ՝ Խաչատուր Տարօնեցիի դամբարանը եւ Ս. Աստուածածին Եկեղիցին, ուր հեղինակը գրեց նոյնինքն շարականը։ Հետաքրքրական էր նաեւ լսել, թէ ժամանակին, Պետրոս Վարդապետ անունով հոգեւորականի մը ի պատիւ, իր խնամած որբերը իրենց ձեռքով կառուցած են խաչքար մը, որ զետեղուած է պատմական ընկոյզի ծառին մօտ. իսկ հնամեայ ծառը, որ երկու տարի առաջ այրած էր, հիմա արդէն նոր ծիլեր արձակած էր։
Սեւանի «Աշոտ Երկաթ» ճաշարանին մէջ ճաշելէ ետք, երիտասարդները բարձրացան դէպի Սուրբ Կարապետ վանքը ապա ուղղուեցան դէպի լողափ։
Երեկոն շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս տարի, երեք տարբեր աշխատանոցներ մաս կը կազմեն Հաւաքին. լուսանկարչական-ֆիլմ, լրատուի պատրաստութիւն, պարարուեստ։ Նախընտրութիւններու համաձայն, խումբերը իրենց աշխատանքային ծրագիրները ի գործ դրին. արդիւնքը մօտ օրէն կը ճաշակենք անկասկած։ Ընթրիքէն յետոյ ընկերային մթնոլորտը շարունակուեցաւ երկար։