Ֆորում

Օրը սկսաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի հետ։ Քէշիշեան համառօտ ձեւով ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը եւ բազմաբնոյթ աշխատանքները։ Անկէ ետք, Ֆորումականները այցելեցին Արարատի գիրկը բազմող Խոր Վիրապը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած նշանաւոր ուխտատեղին։
Ինչքան ալ ծանօթացանք հայ ստեղծագործ ճարտարապետ հանճարներու, սակայն ոչ մէկ կոթող այնքան կը ցայտեցնէր հայ ստեղծագործ հանճար մը, որքան՝ Զուարթնոցը։ Ֆորումականները առիթը ունեցան Զուարթնոցի հողին վրայ զգալու հայ արուեստագէտի շունչն ու հոգին։ Իր աւերակներով իսկ՝ զուարթնոցի ամէն անկիւն մնաց իւրաքանչիւր Ֆորումականի սրտին մէջ՝ որպէս հայ ճարտարապետական աշխարհի ներշնչման աղբիւր։
Մեր յաջորդ այցելութիւնը ԹՈՒՄՕ կեդրոնն էր, ուր ֆորումականները ծանօթացան կեդրոնի տարբեր աշխատանոցներուն։
Երեկոյեան ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի-պարի Պետական Համոյթի ձեռնարկին։ Համոյթը Ֆորումականներու սիրտն ու հոգին լեցուց հայկական երաժշտութեան ազգային սնունդով։