Ֆորում

Սերունդ մը եւս կը քալէ այս ճանապարհէն։ Անոնք կը քալեն լուռ։ Անոնց փոխարէն կը խօսին յաղթանակի հայեացքներն ու հոգիները։ Ու յանկարծ կը հնչէ.
«Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից»:
Այո՛, ցեղասպանութիւն ու շարունակաբար պատերազմ ապրող հայ ժողովուրդը ոչ միայն պիտի պահպանէ իր ինքնութիւնը, այլ ընդմիշտ պայքարելով պիտի տօնէ իր յաղթանակները:
Ֆորումականները այս ոգիով ողջունեցին Սարդարապատը։ Իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մայիսեան հերոսամարտիկներուն, ապա հուժկու քայլերով մեկնեցան դէպի Ազգագրութեան Թանգարան, ուր ուղեցոյցը մանրամասնօրէն ներկայացուց Մայիսեան պետականակերտ հերոսամարտերը։
Կէսօրին, Ֆորումականները հնարաւորութիւնը ունեցան շրջելու, դիտելու եւ մասնակիցը դառնալու Ռուբէն Նալպանտեանի Խաչքարերու Վարպետաց Դպրոցի արուեստին եւ աշխատանքներուն։ Անոնք կատարեցին լաւաշ թխելու եւ խաչքարի փորագրման իրենց առաջին փորձը, ապա ուղղուեցան դէպի Սուրբ Գայեանէ Վանք։
Երեկոյեան, ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Րայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ ներկայացուց ծրագրի տարբեր գործունէութիւնները:
Գիշերը, Ֆորումականները զրուցեցին Նժդեհ Մկրտիչեանի հետ։ Անոնք քննարկեցին ընկերային ցանցերը՝ 21-րդ դարու որպէս կարեւորագոյն տարր։ Նիւթը կը կեդրոնանար հայկական հարթակներուն ու անոնց դերակատարութիւններուն մասին՝ ընկերային ցանցերուն մէջ։