Ֆորում

15 Յուլիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի 25-րդ ֆորումի բացման հանդիսութիւնը։ Բացումէն ետք, ֆորումականները խմբային խաղերու ընթացքին աւելի լաւ ծանօթացան իրարու։ Անոնք պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի մէջ։ Ծանօթացան Օփերայի շուրջ գտնուող արձաններուն՝ Թումանեան, Սպենդիարեան, Խաչատուրեան, Սարեան, Կոմիտաս, Պապաջանեան եւ Թամանեան։ Անոնք տեղեկութիւններ ամբարեցին իւրաքանչիւր դէմքի մասին։ Անոնք նաեւ նախաձեռնեցին երեւանի բնակիչներուն հետ հանդիպումներու եւ անոնց հետ զրուցեցին իւրաքանչիւր դէմքի մասին։
Աւելի ուշ ֆորումականները երգով ու պարով ճոխ երեկոյ մը անցուցին Ակունք համոյթի մասնակցութեամբ։