Ֆորում

Արդէն շաբաթ մը անցած է ֆորումի 26-րդ ծրագրին։
Օրը սկիզբ առաւ այցելութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանը։ Ֆորումականները ուղեցոյցին հետ շրջեցան Մատենադարանի տարբեր բաժինները եւ ծանօթացան այնտեղ գտնուող հայկական զանազան հարստութիւններուն։
Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի՝ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարան այցելութիւնը յատկանշական պահ մըն էր։ Դպրոցական տարիներու սորված դասագիրքերէն դուրս, այսօր առիթ մըն էր վերապրելու ու վերակենդանացնելու Թումանեանը եւ աւելի մօէն ծանօթանալու անոր համամարդկային հոգիին, բարի սիրտին, հանճարեղ ստեղծագործութիւններուն ու պայծառ երեւակայութեան։ Մենք քաջ կը հաւատանք, որ Թումանեանի պէս հանճարեղ տիպարներ այս մութ աշխարհին մէջ պիտի ըլլան այն փարոսը, որ շարունակաբար պիտի լուսաւորէ մեր միտքերը։
Կէսօրէ ետք, Ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժնի պատասխանատու Մեղրի Խոշեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանը։ Ապա անոնք այցելեցին Ֆորումի խորհրդանիշ՝ Սասունցի Դաւիթի արձանը, որուն քով լուսանկարուեցան։
Երեկոյեան, Ֆորումականները առիթը ունեցաւ հանդիսատեսը դառնալու Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Թատրոնի՝ «Պյերետայի Քoղը» ներկայացումին։ Թատրոն, որ չմնաց բեմին վրայ, այլ տեղաւորուեցաւ իւրաքանչիւր հանդիսատեսի միտքին ու սրտին մէջ։ Ֆորումականները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին թատրոնի քննարկումին։