Ֆորում

Երեւանի մեր ծրագիրի վերջին օրն էր։ Արդէն մտահոգիչ էր այս օրը, որովհետեւ այս տարուան Ֆորումի օրերը համրուած են։ Առաւօտեան Ֆորումականները այցելեցին Սաղմոսավանք՝ ճարատարագէտ Աշոտ Գրիգորեանի հետ։ Ճարտարագէտը մանրամասն տեղեկութիւններով ու պատմութիւններով ներկայացուց վանքը շրջապատող իւրաքանչիւր անկիւնը, որմէ ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Տառերու պուրակ։
«Արագածի լանջերին ծով ծովանանք, Դառնանք բարի դառնանք զօրեղ ուժ դառնանք» երգի ծափերով, Ֆորումակաները կէսօրին հասան Արագածի լանջը։ Բնութեան խօսող ջուրերու եւ լեռներու յուշիկ մեղեդիներուն հետ, Ֆորումականները պատրաստեցին իրենց ճաշը եւ Արագածի բնութեան գիրկը ունեցան ընկերային պահ։ Արագածի մաքուր օդը իրենց կուրծքերուն մէջ, Ֆորումականները այցելեցին նաեւ Ամբերդ եւ այնտեղ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր ճարտարագէտ Աշոտ Գրիգորեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց բերդին պատմութիւնը։ Ֆորումականները վերադարձան Երեւան՝ պատրաստուելու համար Գիւմրի մեկնումին։