
Դաստիարակչական, ստեղծագործական եւ մշակութային շունչով հարուստ օր մըն էր համազգայինի Ֆորումին եօթներորդ օրը, որ ծայր առաւ Հայաստանի հանրային հետուստակայանի Հ1 եթերի անձնակազմին հետ հարցազրոյցով մը, որուն մասնակցեցան Ֆորումականներէն՝ Լոռի Սարգիսեան եւ Ֆորումի վարիչներէն՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։
Խումբը այցելեց Երեւանի Պետական Համալսարան, ուր ընդհանուր նախագահ ու պատմաբան՝ Դոկտ. Արամ Սիմոնեան իր սուղ ժամանակէն տրամադրեց Համալսարանին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու, հետաքրքրութիւն արթնցնելով շատերու մէջ հոն դասաւանդուող ծրագիրներուն մասին։ Խօսք առին նաեւ Դոկտ. Լիլիթ Գալստեան, որ յիշեցուց ներկաներուն Համազգայինի յառաջացուցած հայերէնի ուսուցիչներ, կրթական մշակներ պատրաստելու մագիստրոսի ծրագիրին մասին ու Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ դասապահերու փոխանակումներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ապա հայագիտական հետազօտութիւններու բաժնի փոխ-տնօրէն՝ Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի առաջնորդութեամբ ֆորումականները լսեցին առցանց հեռաուսուցման ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ու շրջեցան զանազան սենեակներ, օրինակ՝ հայոց պատմութեան հետ առնչուող հետազօտութիւններու թուայնացման սենեակ, հայ-օսմանական յարաբերութիւններու, հայ-քրտական յարաբերութիւններու եւ այլ սենեակներ, ուր հետազօտութիւններու հետ առնչուող աշխատանքներ կը կատարուին։
Խումբը այցելեց նաեւ տեղւոյն թանգարանը, ուր բացատրութիւններ ստացաւ հոն գտնուող զանազան նիւթերուն վերաբերեալ, ներառեալ՝ լրիւ պատ մը, ուր հայ արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը նուիրաբերած ԵՊՀ.-ի աշակերտներուն եւ դասախօսներուն լուսանկարները տեղադրուած են. մէջերնին՝ Մհեր Ջուլհաճեան, Թաթուլ Կրպէյեան, Պետօ…։ Դոկտ. Մհեր Յովհնաննիսեան նաեւ առաջնորդեց խումբը դէպի Ցեղասպանութեան պուրակը, ուր ամիսներ առաջ տեղի ունեցած էր քանդակներու քօղազերծում։ Այցելութեան յաջորդ վայրն էր Սարդարապատ, ուր ազգագրութեան թանգարանին մէջ, խումբը բացատրութիւններ ստացաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ-Ապարանի մարտերուն մասին, ապա ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Սարդարապատ յուշահամալիրը ու հոնկէ չմեկնած հնչեցուցին «Երբ չի մնում երգ ու ճար…..»ը։
Saffron ճաշարանին մէջ Ճաշելէ ետք, պատմութենէն դէպի ապագայ՝ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնն էր խումբի այցելութեան վայրը, ուր Թումոյի միջոցով ի գործ դրուած ծրագիրներուն մասին ֆորումականները ստացան շահեկան գիտելիքներ։ Վերադարձին, «Ուլիկ»ի մօտ ընթրեցին, ապա ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը յաջորդեց Friendsի պարզունակ սակայն մտերմիկ շրջապատին մէջ, ուր պարելէ ու fooseballի շուրջ մրցելէ անդին, նաեւ տօնեցին ծննդեան տարեդարձները ԱՄԷ-էն՝ Մարինէին, Ֆրանսայէն՝ Դանիային ու Գանատայէն՝ Մարիամին։ Ճոխ մթնոլորտը շարունակուեցաւ երկար։