
17 Յուլիսը ֆորումի 3-րդ օրն էր։
Մեր այցելութեան առաջին վայրը ԵՊՀ-ն էր, ուր ֆորումականները հանդիպում ունեցան համալսարանի Ռեկտոր Գեղամ Գէորգեանի հետ։ Գէորգեան անդրադարձաւ Համալսարանի հիմնադրութեան, պատմութեան եւ ստորաբաժանումներուն։ Ընթացքին, մասնակիցները զիրենք յուզող լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր ուղեցոյցը հակիրճ ձեւով ներկայացում մը կատարեց այնտեղ գտնուող գանձերուն եւ գոյքերուն մասին։ Մասնակիցներուն ուշադրութիւնը գրաւեց այնտեղ գտնուող Ամբողջութեամբ հայատառով գրուած երկրագունդի քարտէզը, որմէ այժմ միայն 3 օրինակներ կան։
ԵՊՀ-ի շրջապտոյտը աւարտելէ ետք, մասնակիցները ուղղուեցան Ջիւանու Անուան Աշուղական Դպրոց, ուր ոգեւորութիւնը մեծ էր, թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ ներկայացնողներուն։ Փրոֆեսոր Թովմաս Պօղոսեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ հայ աշուղներու կենսագրականներուն, անոնց տարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ՝ հայկական նուագարաններուն եւ մեր պատմութեան մէջ անոնց ունեցած արժէքին մասին։ Ֆորումականները յաջողեցան ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւել շնորհիւ իրենց մասնակցութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան։
Մշակութային արժէքներու ծանօթացումը ծաւալեցաւ ամբողջ օրուան ընթացքին, յաջորդ ժամադրավայրը Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանն էր։ Մասնակիցները ուղեցոյցներու առաջնորդութեամբ շրջեցան Մատենադարանի տարբեր բաժինները եւ ծանօթացան այնտեղ գտնուող մատեաններուն ու մագաղաթներուն, բոյսերուն եւ գոյքերուն, որոնք դարերու պատմութիւն ունին։
Ֆորումի խորհրդանիշ՝ Սասունցի Դաւիթին արձանին քով լուսանկարուելով վերջ գտաւ օրուան ծրագիրը։
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ ընթրիք, եւ խումբը ներկայ գտնուեցաւ Կասկատ համալիրի մէջ տեղի ունեցող Ճազ երգերու համերգին։