Ֆորում

Առաւօտեան վաղ ժամերէն խումբը ուղղուեցաւ Օշական գիւղի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Ֆորումականները այցելեցին Սուրբ Մեսրոպի շիրմաքարը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, ապա անցան շրջափակը, ուր կը գտնուին Մեսրոպեան Այբուբենի Խաչքարերը։ Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրը՝ Տեր Վազգէն Քահանայ Յովհաննիսեանը, ամփոփ ձեւով ներկայացուց Հայ գիրերու գիւտի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւնը։
Կէսօրին Ֆորումականները հասան արհեստի ու արուեստի քաղաք՝ Գիւմրի։ Գիւմրին կ՚առանձնանար իր խոր գեղեցկութեամբ ու կը ներշնչէր հպարտութիւն: Աւելի լաւ ծանօթանալու համար Գիւմրիի շրջանին, պատմութեան, մշակոյթին եւ ժողովուրդին, մասնակիցները առիթը ունեցան շփուելու Գիւմրեցի ժողովուրդին հետ։ Անոնք երկու խումբի բաժնուելով շրջեցան տարբեր փողոցներ եւ տեղացիներէն խնդրեցին պատմել Գիւմրիի մասին դրուագներ։ Ժողովուրդէն ստացած գիտելիքները գրի առնելով, խումբերը ամբողջացուցին իրենց խմբային աշխատանքները ու վերադարձան հիւրանոց հանգստանալու։