Ֆորում
18 Յուլիսի առաւօտեան, ֆորումականները մեկնեցան Արցախէն եւ վերադարձան Երեւան։ Ճանապարհին անոնք այցելեցին Տաթեւ եւ ճոպանուղիով բարձրացան դէպի վանք։ Յետոյ հասան Նորավանք, ուր ճաշեցին եւ շրջագայեցան վանքին շրջափակէն ներս։
Երեկոյեան անոնք հասան Երեւան եւ իրարու հրաժեշտ տուին երգելով «դարձեալ զիրար կը հանդիպինք ու կ՚երգենք միաձայն...»։
