
Ֆորումի ծրագրի 4-րդ օրը հայրենիքի բնութեան նուիրուած էր։ Վաղ առաւօտեան ժամերէն խումբս ուղղուեցաւ Սեւանայ լիճ, ուր մասնակիցները նաւակներով շրջագայութիւն մը կատարեցին, ինչպէս նաեւ այցելեցին Սեւանավանքը։
Բնութեան ջրաշխարհէն ետք, խումբս անցաւ լեռնաշխարհ՝ յաջորդաբար այցելելով Դիլիջանն ու Հաղարծինը։ Ճաշը տեղի ունեցաւ Դիլիջանի մէջ, ուր ֆորումականները ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին երգերով ու պարերով։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի Հաղարծին վանական համալիրը։
Երեկոյեան, մասնակիցները աշխատանոցի մը ընթացքին վերաթարմացուցին իրենց գիտելիքները նախօրօք այցելած Մատենադարանի մասին։ Ողջունելի էր այնտեղ ֆորումականներուն բծախնդիր աշխատանքն ու համարձակ արտայայտուելու ընդունակութիւնը:
Հակառակ օրուան աւարտին իրենց համար սահմանուած ազատ ժամուն, ֆորումականները պնդեցին այդ ժամանակը անցընել միասնաբար՝ ընկերային կապերը աւելի ամրապնդելու միտումով։ Եւ այդպէս ալ եղաւ…