Ֆորում

Այսօր Ֆորումականները իրենց աչքերը բացին փառապանծ Գիւմրիի տաքուկ արեւին շողերով ։ Սուրճին ու լաւաշին համն ու հոտը տարբեր էր այսօր։ Ֆորումականները մեծ խանդավառութեամբ ուղղուեցան դէպի Առաջնորդարան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր Առաջնորդական տեղապահ՝ Հոգեշնորհ Տ. Նարեկ վրդ. Աւագեան, ջերմօրէն ընդունեց խումբս եւ համառօտ ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Անկէ ետք, Ֆորումականները այցելեցին Հառիճի վանք։ Եկեղեցին, որուն գեղեցկութիւնը Աստուածային փառքով պսակուած էր, ջերմօրէն կ՚ողջունէր երիտասարդները։ Պարող ամպերու խումբին տակ լուսանկարուելով, Ֆորումականները շարունակեցին իրենց ճամբան մինչեւ Գիւմրիի Մայր Հայաստանի արձանը, ապա՝ Սեւ Բերդ։ Ֆորումականները Սեւ Բերդի սրահը ճոխացուցին իրենց սորված հայկական «Կարնոյ Քոչարի»-ով, «Խամխամա»-ով եւ «Թամզարա»-ով։
Կէսօրին, հանրակառքը հասաւ Չերքեզի ձոր, որուն կանաչազարդ բնութիւնը հիւրընկալեց Ֆորումականները ճաշելու։ Աւելի ուշ, գաղութներու ծանօթացում տեղի ունեցաւ։ Իւրաքանչիւր շրջանի մասնակից ներկայացուց իր գաղութի կեանքը, գործող միութիւնները եւ զանազան աշխատանքները։