Ֆորում

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 12-րդ օրուան առաւօտուն կանուխ ճամբայ ելանք դէպի հերոսական Արցախ։
Առաջին կանգառը Խոր Վիրապն էր, երկրորդը՝ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը, ուր մասնակիցները արտասանեցին Սեւակի բանաստեղծութիւնները եւ միասնաբար երգեցին «Սարդարապատ» երգը։
Ապա ուղղուեցանք Նորավանք եւ կէսօրին ճաշեցինք Որսկան ճաշարանին մէջ։
Երեկոյեան երբ անցանք Արցախի սահմանը, մասնակիցները սկսան յեղափոխականաշունչ երգերով խանդավառել մթնոլորտը։
«Փարք» հոթելին մէջ տեղաւորուելէ եւ ընթրելէ ետք, քալելով շրջեցանք Ստեփանակերտի մէջ եւ հիացանք քաղաքի մաքրութեամբ, ապահովութեամբ եւ զարգացմամբ։