
Ֆորումի 5-րդ օրուան այցելութեան առաջին վայրը Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանն էր։ Ֆորումականները խումբ-խումբ շրջեցան արդիական շունչով պատրաստուած այս թանգարանը եւ ծանօթացան Թումանեանի գործերուն ու օգտագործած գոյքերուն։ Ապա ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժնի պատասխանատու Արինա Զօհրապեանին հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանին մէջ գտնուող ճիւղերը, դասաւանդութեան դրութիւնը եւ համալսարանի տրամադրած դիւրութիւնները։
Մեր յաջորդ կայարանը ԹՈՒՄՕ կեդրոնն էր, ուր ֆորումականները ունեցան տեսերիզի, թուային խաղերու եւ ռոպոթիքսի պատրաստութեան աշխատանոցներ։
Երեկոյեան ֆորումականները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին։ Զրուցավարն էր՝ ֆորումի դաստիարակչական պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Մասնակիցները կարկինը լայն բանալով քննարկեցին նիւթը։ Ֆորումականները ունեցան շինիչ քննարկումներ։ Երբեմն ոմանք յաջողեցան համոզել իրենց ընկերները, իսկ ուրիշ պարագաներու այդ մէկը կարելի չէր։
Աւելի ուշ, ֆորումականները իրենց գիշերը անցուցին Երեւանի լուսաւոր փողոցները շրջելով։