Ֆորում

Գիւմրիի արեւը տխուր էր այսօր։ Խումբին յուզումնախառն հայեացքները ուղղուած այդ արեւին կը ճամբէին իր ջերմ բնութիւնն ու սիրելի հայրենակիցները։ Ընելու շատ բան կար տակաւին։ Օրուան ծրագիրը ակնթարթի մը պէս անցաւ ...
Առաւօտ կանուխ Ֆորումականները մեկնեցան Յովհաննէս Շիրազի թանգարանը։ Ուղեցոյցը Շիրազի հարազատ սերունդէն էր։ Ան ոչ միայն կը նկարագրէր թանգարանը, այլ իր ապրած պատմութիւններով կը վերակենդանացնէր Շիրազի հոգին ու կը ներշնչէր Ֆորումականներս։ Շիրազեան բանաստեղծութիւններով ու անոր վեհանձն հոգիով, Ֆորումականները ճամբեցին Գիւմրին իրենց մէջ պահելով անթառամ յիշատակներ։
«Արագածը արքայական
Ոսկէ թագն է քո հողի,
Քո մի քարն էլ, Լենինական,
Աշխարհի հետ չեմ փոխի:
Դու իմ Գիւմրի-Լենինական դու իմ նոր,
Արագածին բազմած արծիւ փառաւոր:»
Կէսօրին, Ֆորումականները հասան Դիլիջան։ Երջանկութեամբ լեցուն բնութիւն մը կը կախարդէր բոլորին աչքերը։ Թռչուններու ուրախ մեղեդիներն ու պարող ծառերու ամբոխը մեզ կը շրջապատէր։ Լուսանկարներու տարափ մը կը տեղար բնութեան մէջ։ Այստեղ, Ֆորումականներու զուարճութեան վայրն էր։ Անկէ ետք, Ֆորումականները մեկնեցան Սեւան։ Անոնք Սեւանայ Լիճին վրայ երգով ու պարով նաւարկեցին, ապա Երեւան վերադառնալով այս տարուան ծրագիրը գիրկընդխառն փակեցին։
Այո, ճիշդ է որ այս տարուան ծրագիրը իր աւարտին հասաւ, սակայն աւարտը նոր սկիզբ էր իւրաքանչիւրին համար։ Կապերը ամուր հաստատուած էին՝ հայրենիք վերադառնալու, հայրենիքով ապրելու, ու հայրենիքին մէջ նոր յիշատակներ սերմանելու համար։