
Կիրակի, 20 Յուլիսին սկիզբ առաւ Համազգայինի ֆորումի երկրորդ օրը:
Առաւօտեան նախաճաշէն ետք ֆորումի մասնակիցները լսեցին «Հայ Դատ, հարիւր ամեակ եւ հատուցում» թեմայով դասախօսութիւն մը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կողմէ: Ան խօսեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին` նկատի ունենալով քանի մը տարբեր մարզեր` հողային պահանջներ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ, շեշտը դնելով հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վրայ: Ապա առիթը տրուեցաւ ֆորումականներուն իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին: Պատասխանելով հարցումներուն, Մինոյեան ըսաւ, թէ պէտք է անցնիլ ճանաչման հանգրուանէն հատուցումի հանգրուանին: Ան աւելցուց, թէ Սփիւռքը պէտք է հատուցման մասին հարցեր բարձրացնէ թէ՛ քաղաքականօրէն, թէ՛ գիտականօրէն:
Կէսօրուան ճաշէն ետք Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ: Երեւան վերադարձին, խումբը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի ելոյթին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք ֆորումականները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ հաճելի մթնոլորտով երեկոյ մը անցուցին: