
Յուլիս 20-ը 6-րդ օրն էր ֆորումի։ Ֆորումականները նախ այցելեցին Էջմիածինի Մայր եկեղեցին, այնտեղ տեսան Գէորգեան ճեմարանը եւ մեր համբաւաւոր կղերականներու շիրմաքարերը։ Ետքը քալելով ուղղուեցան Ս. Գայիանէ եկեղեցի, ուր նաեւ կան Սարդարապատի հրամանատար Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի եւ Ռաֆֆիի «Խենթ»ի հերոս Վարդանի շիրմաքարերը։
Ֆորումականներու յաջորդ կեդրոնն էր Սարդարապատի յուշահամալիրը, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մայիսեան յաղթանակի հերոսներուն եւ անգամ մը եւս «Ղօղանջել» տուին «Զանգերը», ապա անոնք անցան Հայաստանի Ազգագրութեան Թանգարան, որ հարուստ է մեր անուանի հերոսներու իրեղէններով, փաստաթուղթերով եւ պատուոյ նշաններով։ Ուղեցոյցը մանրամասնօրէն բացատրեց Մայիսեան յաղթանակի ժամանակաշրջանը։
Իսկ կէսօրին անոնք ուղղուեցան Ռուբէն Պարսումեանի անուան Խաչքարի Վարպետաց Դպրոց։ Անոնք այնտեղ ունեցան հետաքրքրական եւ իր տեսակի մէջ եզակի աշխատանոց, զոր դժուար թէ ունենան հայրենիքէ դուրս որեւէ այլ երկրի մը մէջ։ Ֆորումականները սորվեցան, թէ ինչպէս կը պատրաստեն եւ կը թխեն հայկական լաւաշը, ինչպէս նաեւ անոնք սորվեցան խաչքարի փորագրման սկզբնական առաջին քայլերը՝ իւրաքանչիւրը իր անուան առաջին տառը առնելով որպէս օրինակ։ Ճաշը ունենալէ եւ 13 տարեկան տուտուկահար երեխայի քաղցր մեղեդին ըմբոշխնելէ ետք, ֆորումականները վերադարձան պանդոկ, ուր հրամցուեցաւ իրենց ծանօթացում մը Համազգայինի «նորաստեղծ» ելեկտրոնային բեմին՝ Հ-բեմին մասին։ Դասախօս Ռուբէն Ճանպազեան անդրադարձաւ «բեմ»ի գործելաոճին, ստորաբաժանումներուն, կազմին եւ նպատակին, մատնանշելով՝ որ այս մէկը դարձած է անհրաժեշտութիւն, սփիւռքի նորօրեայ սերունդը ազգային արժէքներու հետ կապելու համար։
Ընթրիքէն ետք, ֆորումականները ունեցան ընկերային պահ եւ ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ: