
Կարելի չէ գրութեան մը սեղմ սահմանին մէջ նկարագրել այն բոլոր զգացումները, ապրումներն ու յուզական պահերը, որ հարիւրաւոր հայրենակիցներ ապրեցան Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, երբ Յունաստանի տարածքին հասակ նետած մօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ համատեղ՝ ապրեցուցին հայ պարն ու հայկական աւանդական սովորութիւններու հարստութիւնը, հրամցնելով անզուգական ու իր կարգին բացառիկ համոյթ մը։ Պարային ելոյթը նուիրուած էր «Նայիրի» պարախումբի 30-ամեակին, իսկ առաջին անգամ ըլլալով, բեմին վրայ ներկայացան Աթէնքի մէջ գործող Համազգայինի Նայիրի, Նանոր եւ Մարալօ պարախումբերը, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի Մասիս եւ Կիլիկիա պարախումբերը, իսկ հեռաւոր Գոմոթինիէն՝ Հայ մշակութային միութեան Ուրարտու պարախումբը։ Իւրայատուկ համատեղում մըն էր, որուն արդիւնքը եւ ստեղծած խանդավառութիւնը երկար պիտի խօսուին մեր հայրենակիցներու զրոյցներուն ընթացքին։
Թատերասրահը այլեւս փոքր կ՚երեւէր՝ ի տես հանդիսականներու խուռներամ ներկայութեան։ Անոնց մէջ էին գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հայրենակիցներ, ծնողներ, երիտասարդներ եւ ամէն տարիքի հայորդիներ, որոնք կանուխէն իրենց տեղերը գրաւեցին ծափահարելու համար մեր տղոց ներկայացումը։ Հոս պէտք է նշել, որ Թեսաղոնիկէէն ու Գոմոթինիէն ժամանած էին թիւ մը ծնողներ ու հայրենակիցներ, որոնք վայելեցին մեր հայորդիներու պարային կարողութիւնները։ Առաջին կարգին կարելի էր տեսնել Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանը, Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեանը, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ վարչական անդամները։
Բացման խօսքով հանդէս եկան Անասթասիա Գույումճեան եւ Անդրանիկ Շահպազեան, որոնք հանգամանօրէն անդրադարձան Նայիրի պարախումբի 30 տարիներու գործունէութեան, որ տուաւ պարողներու անհամար սերունդներ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ներշնչել հայ երիտասարդութիւնը ու վառ պահել հայկական մշակութային արժէքները։
