
«Հազար ութհարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ինչ պտուղ տուին,
Հայոց արտերում ինչ բերք էր հասել,
Դժուար է ասել, սակայն այդ թուին
Մայր Հայաստանի արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն...»:
Այո՛, բեղուն էր արգանդը այդ տարին։ Ան տուաւ մեզի Թումանեանը, Կոմիտասը, Շանթը եւ Օտեանը, որոնց ծննդեան 150-ամեակը մեծ շուքով կը տօնուի եւ միջոցառումներ կը կատարուին աշխարհի չորս դին։
Ֆորումականներն ալ մաս կազմեցին այդ առաքելութեան։ Անոնք այցելած էին արդէն Թումանեանի թանգարանը նախապէս։
Յուլիս 21-ին, ֆորումի 7-րդ օրուան առաջին կէտը Կոմիտասի անուան թանգարանն էր, որուն կից կը գտնուէր նաեւ Կոմիտասի անուան Պանթէոնը, ուր թաղուած են մեր երեւելի եւ հանրածանօթ հայ մեծ գործիչները, գրողներն ու արուեստագէտները։
Ֆորումականները այնտեղ տեսան Իսահակեանի, Կապուտիկեանի, Դաւթեանի, Սահեանի, Շիրազի, Տէրեանի, Խաչատուրեանի եւ շարք մը հանճարեղ մտքերու շիրմաքարերը։
Ինչ մե՜ծ անուններ, երկիւղածութեամբ է որ կը մօտենանք անոնց մասունքներուն։
Այնտեղ դեգերելէ ետք ֆորումականները անցան Կոմիտասի անուան թանգարան, ուր տպաւորութիւնները խոր էին, իսկ հիացումը՝ բոլորին դէմքին վրայ զգալի։
Յատկանշական էր այնտեղ Կոմիտասի 150-ամեակի առթիւ ցուցադրուած բաժինը, ուր կը տեսնէինք Վարդապետի ծննդավայր Քէոթահիայի ոճով նախշուն Ճենապակիներ։ Ետքը խումբս ունեցաւ ճաշ, ապա շրջեցաւ արուեստագէտներու բաց շուկայ Վերնիսաժը։
Յետմիջօրէին ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի-պարի Պետական Համոյթի ձեռնարկին, ուր գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը յագեցուց մասնակիցներու ազգային պարի եւ երգի ծարաւ հոգիները։ Բախտաւորութիւն չէ՞ նման զուգադիպութիւն՝ ֆորումի ծրագրի ընթացքին։
Աւարտին, ինչպէս ֆորումի ամէնօրեայ ծրագրի աւարտ, ֆորումականները ունեցան ընթրիք եւ ընկերային պահ։