Ֆորում

Առաւօտեան նախաճաշէն ետք, Քլոտ Մութաֆեան դասախօսեց «Կիլիկեան Հայաստան. Պետական արտագաղթ մը» նիւթը: Ան անդրադարձաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ձեւաւորման, զարգացման եւ անկման պատմութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ 13-րդ եւ 14-րդ դարերու ընթացքին յառաջացած արտագաղթին մասին:
Դասախօսութենէն ետք, ֆորումականները այցելեցին Դիլիջան եւ Պարզ Լիճ, ուր ճաշեցին, երգեցին, պարեցին եւ նաւակներով շրջեցան լիճին մէջ: Ապա, անոնք այցելեցին Հաղարծին եկեղեցին, որմէ ետք օրուան վերջին կանգառն էր Սեւանայ Լիճը:
Երեկոյեան ֆորումականները շրջեցան Երեւանի մէջ: