
Արդէն շաբաթ մը անցած է ֆորումի ծրագրի սկիզբին։ Ֆորումի ծրագրի 8-րդ օրը Յուլիս 22-ն էր։ Առաւօտեան վաղ ժամերէն խումբը ուղղուեցաւ Օշական գիւղի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր ֆորումի դաստիարակչական պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան հրամցուց դասախօսութիւն մը որուն մէջ անդրադարձաւ գիրերու գիւտի պատմութեան, հայոց լեզուի անցած հանգրուաններուն եւ Արդի Հայերէնի ճիւղաւորումներուն։ Ֆորումականները այցելեցին Սուրբ Մեսրոպի շիրմաքարը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, ապա անցան շրջափակը, ուր կը գտնուէին Մեսրոպեան Այբուբենի քանդակները։
Ֆորումականները մեկնեցան Օշականէն եւ հետեւելով կողմնացոյցի պատուէրին՝ ուղղուեցան Հիւսիս՝ Գիւմրի քաղաք, ուր իրենց կը սպասէր հետաքրքրական ուսուցողական խաղ մը։
Ֆորումականները խումբերու բաժնուած՝ Գիւմրի քաղաքը շրջելով ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազին՝ շնորհիւ այնտեղ գտնուող իր թանգարանին։ Իւրաքանչիւր խումբ «վերակենդանացուց» Շիրազը՝ անոր տաղերէն բաժիններ արտասանելով։ Մասնակիցները փոխ-յարաբերութիւն ունեցան նաեւ Գիւմրեցի ժողովուրդին հետ։ Անոնք փնտռեցին այնտեղ երկրաշարժէն վերապրող մարդիկ, որոնցմէ խնդրեցին պատմել աղէտալի այդ շրջանէն դրուագներ եւ գրի առին զանոնք։
Յայտագրին մէջ ներառուած էր նաեւ դերասան Մհեր Մկրտչեանի մասին բաժին մը։ Խումբերը այցելեցին անոր թանգարանը եւ յաջողեցան դերասանին կենսագրութեան ժամանակագրականը կազմել:
Մկրտչեանի շատ մը ֆիլմեր նկարահանուած են Գիւմրի քաղաքին մէջ։ Ուստի, խումբերը ընտրեցին «Մեր Մանկութեան Թանկօն» ֆիլմէն տեսարաններ, եւ նոյն այդ նկարահանուած վայրերը երթալով, պատկերներ ներկայացուցին սոյն ֆիլմէն։
Խումբերը տեսան երկրաշարժի հետեւանքով փլատակ շէնքերը, այցելեցին աւանդական ճաշարաններէն մէկը ու ընտրեցին ճաշատեսակ մը եւ արձանագրեցին անոր բաղադրութիւնն ու պատարաստութեանը ձեւը որպէս ծրագրի մէկ բաժին։
Ծրագիրը ոչ միայն պատմամշակութային արժէքներու ծանօթացման նպատակ ունէր, այլ նաեւ կը քաջալերէր ընկերային մթնոլորտին զարգացումը ։ Խումբերը դիմեցին քաղաքի ամենահին սափրիչի խանութը, ուր իւրաքանչիւր խումբէ անհատ մը սափրուելու պարագային, խումբը կը ստանար յաւելեալ նիշ։
Աւարտին, ֆորումականները Գիւմրիի իրենց փոնչիկները առած՝ ուղղուեցան դէպի հանրակառք մեկնելու համար Երեւան մայրաքաղաք։