
Օրը սկիզբ առաւ խմբային աշխատանքներով։ Երեք խումբերը՝ «Թումանեան», «Լեւոն Շանթ» եւ «Կոմիտաս», ի մի հաւաքեցին իրենց այցելած երկու թանգարաններէն՝ «Կոմիտաս»էն եւ «Թումանեան»էն, քաղած գիտելիքները եւ կազմեցին անոնց կենսագրութիւններուն ժամանակագրականները։
Ընթացքին, այլ մասնակիցներ հարցազրոյց ունեցան հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր հեռուստաընկերութիւններու եւ ռատիօ կայաններու հետ, ուր պարզեցին իրենց միտքերը եւ յայտնեցին տպաւորութիւնները Ուսանողական Հաւաքին մասին։
Կէսօրին, մասնակիցները այցելեցին հեթանոսական շրջանէն մնացած միակ տաճարը՝ Գառնին։ Հիւրընկալուեցան գիւղի համեստ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ապա ուղղուեցան Գառնիի կիրճը, ուր հազարաւոր տարիներու ընթացքին կազմուած վիմափոր լեռները կազմած էին սքանչելի բնութիւն մը։
Լուսանկարներու տարափ մը անհրաժեշտ էր յիշատակները ամբողջական դարձնելու համար։
Ետքը անոնք այցելեցին Գեղարդը եւ վերադարձան մայրաքաղաք։
Երեկոյեան, ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Րայթ Արմենիա»ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը ներկայացուց ծրագրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններու մասին։
Նշենք, որ օրըստօրէ ընկերային մթնոլորտը ալ աւելի կը մտերմանայ՝ Ֆորումի աւարտի սպառնալիքին տակ։