Կեդրոնական Վարչութիւն
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Սեպտեմբեր 2014-ին «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան պարգեւատրուեցան Հայաստանի մէջ:
Յակոբ Պալեան պարգեւատրուեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ Յակոբ Հաւաթեան ստացաւ պատուոգիր Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: