Ֆորում

Շաբաթ, 26 Յուլիսին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան դասախօսեց հայ գիրերու գիւտին մասին:Ապա ֆորումականները այցելեցին Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին:
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի վերնիսաժ՝ զանազան տեսակի գնումներ կատարելու համար: Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, որմէ ետք հիւրանոցէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտով ընթրիք մը: