
12-րդ օրուան ծրագրով սկիզբ առաւ ֆորումականներու Արցախի այցելութիւնը։ Վաղ առաւօտեան հանրակառքը շարժեցաւ մայրաքաղաք Երեւանէն ուղղուելով դէպի հարաւ-արեւելեան շրջան, ուր ընթացքին մասնակցիները պիտի ունենային ոչ թէ հանգստեան կայարաններ, այլ ճանապարհին վրայ գտնուող պատմամշակութային վայրերու այցելութիւններ։ Ֆորումականները այցելեցին Խոր Վիրապը եւ այնտեղ բախտաւորուեցան օրուան Արարատի պատկառազդու տեսարանով։ Այնուհետեւ խումբը շարունակեց իր ճամբան եւ այցելեց Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը։
Պարոյր Սեւակ…
«Մտքերդ՝ խորը, մարդիկ՝ քեզ անհաս,
Քեզնից կարօտով, անցայ,– գնացի»։
Իրաւացի էր Գուսան Շերամ այս տողերով։ Մեծ էր վաստակը Սեւակի, խոր էին մտքերը վաղամեռիկ մեր բանաստեղծին։ Հայերս անյագօրէն կարդացած ենք անոր տողերը, յաճախ արտասանած ենք բեմերէն տարբեր առիթներով։
Ֆորումականները այցելելէ ետք անոր թանգարանը եւ ծանօթանալէ ետք անոր գործերուն եւ կենսագրութեան, հաւաքուեցան անոր շիրիմին շուրջ եւ հնչեցուցին Սեւակի գրչով երգեր ու քերթուածներ խմբովին եւ մենակատարութեամբ։
Տակաւին ճանապարհը երկար էր մինչեւ Ստեփանակերտ, սակայն այդ հեռաւորութիւնը համարեա՛ կը չէզոքացնէր հայրենիքի լեռնաշխարհն ու բնութիւնը։
Իրիկուան արդէն հասած էինք Շուշի եւ զարմանքի ու հիացմունքի ձայնարկութիւններ հնչեցին, երբ Ստեփանակերը կ'երեւէր Շուշիի ռազմավարական բարձունքէն։